2015-12-14 12:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 14 դեկտեմբերի թուիթը` Քնքշութիւն փոխանցել կարիքաւորներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի` 14 դեկտեմբեր 2015-ին հրատարակած թուիթին մէջ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը որ կիրակի` 13 դեկտեմբերի առաւօտեն, բացումը կատարեց նաեւ Լատրաենի Սուրբ Յովհաննէս Պազիլիքայի Ողորմութեան Յոբելեանի Սուրբ Դռան­, հրաւիրեց հաւատացեալները ամէն օր որպէս նպատակ ընտրել` քնքշութիւնը, զայն փոխանցելով բոլոր  անոնց որոնք կարիքն ունին այդ քնքշութեան։

''Իւրաքանչիւր օրուայ նպատակը ըլլայ` քիչ մը Քրիստոսի քնքշութիւն փոխանցել, անոնց որոնք առաւելապէս կարիքը ունին'' գրեց Սրբազան Քահանայապետը իր հրատարակած թուիթին մէջ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.